2015-02-18 10:57:00

ԱՄՆի մէջ դրամահաւաք` արեւելեան ու կեդրոնական Եւրոպային համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 18 Փետրուար 2015-ին, Օր մոխրոցի օրուան առթիւ, ԱՄՆի Եկեղեցին կը կազմակերպէ դրամահաւաք մը օգնութեան հասնելու կեդրոնական ու արեւելեան Եւրոպայի։
Նուիրատուութիւնները կը ծառայեն վերոյիշեալ երկիրներու եկեղեցիներու շինութեան, ինչպէս նաեւ սատարելու տեղական եկեղեցիներու հովուական ու ընկերային ծրագիրներու իրականացումին։
2015-ի դրամահաւաքի բնաբանն է. ‘’վերակառուցել եկեղեցիները ու իրականացնել ընկերային հաղորդակցութեանց ծրագրերը’’։
Դրամահաւաքի ծրագիրներէն մէկն է. Ռումանիոյ մէջ իրագործել լքուած մանուկներու ի նպաստ ձեռնարկ մը։ Այլ ծրագիր մը մանկամսուրի մը շինութիւնը Սիպերիայի մէջ։ Ուկրանիոյ մէջ կեդրոն մը ալքոլամոլներու օգնութեան ի սպաս։








All the contents on this site are copyrighted ©.